Advancing the Heritage of Armenians in Jewellery
ՀԱՅ ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐԸ ՎԵՐՋԵՐՍ ԳԱՆԱՏԱ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒՆ Ի ՆՊԱՍՏ
Ժընեւ, 3 օգոստոս 2015 -- Հայ Ոսկերիչներու Հիմնադրամը (AJF), Պըրքս Ընտանեկան Հիմնադրամի հետ համատեղ, կը յայտարարէ իր նոր կրթաթոշակներու ծրագիրը ի նպաստ Գանատա վերահաստատուած սուրիահայերուն:
Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով հազարաւոր հայեր ապաստան գտան Հայաստան և այլուր՝ ներառեալ Գանատա, ուր այժմ բազմաթիւ ընտանիքներ հաստատուած են: Գանատա, համընդհանուր առումով, առաջատարներէն եղաւ Սուրիայէն գաղթականներ ընդունելով: Առաւել քան 1000 սուրիահայ տեղահանուածներ արդեն իսկ կը գտնուին Մոնթրէալ. կը նախատեսուի, որ այս թիւը պիտի կրկնապատկուի մինչեւ տարեվերջ:
Սոյն ծրագրով, դրամաշնորհներ կրնան ստանալ Մոնթրէալի Գոհարագիտութեան Վարժարանի (École de gemmologie de Montréal -- EGM) աշնանային առաջին դասընթացքին արձանագրուած 10 դիմորդներ: Մոնթրէալի Գոհարագիտութեան Վարժարանը Հիւսիսաին Ամերիկայի առաջատար ոսկերչական ոլորտի ակադեմիաներէն մէկն է, իսկ նշեալ դասընթացքը գոհարագիտութեան՝ ներառեալ ադամանդներու ուսման գլխաւոր ներածութիւնն է:
Յաջողութիւն արձանագրած շրջանաւարտները ձեռք պիտի բերեն բազմակողմանի գոհարներու իմացութիւն, զոր կրնայ օգտակար դառնալ ապագային՝ լրացուցիչ ուսման եւ կամ ոսկերչական բնագավառի մէջ աշխատանք փնտռելու համար:
Օրինական կարգով՝ միայն վերջերս Գանատա հաստատուած սուրիահայեր կրնան դիմում կատարել: Դիմողները պէտք են ներկայացնել իրենց լրացուած դիմումնագիրը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորող նամակ մը իրենց անձի մասին: Ընտրեալները ինքնաբերաբար պիտի արձանագրուին EGM-ի վիրոնշեալ դասընթացին: Յատուկ հանդիպում պիտի կազմակերպուի դիմորդներւոն համար Օգոստոսի վերջին, յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար (մանրամասնութիւնները յաջորդիւ):
Բոլոր դիմումնագիրները պէտք է յանձնուին մինչեւ սեպտեմբերի 3-ը: Դիմումի ձեւն ու պահանջները տրամադրելի են AJF-ի միջոցով: Ուսուցումը, ինչպէս նաև ուսումնական ձեռնարկները անգլերէն և ֆրանսերէն լեզուներով են, ուստի, այդ լեզուներէն մէկուն իմացութիւնը պարտադիր է:
«Մենք հպարտ ենք, որ AJF-ի կրթաթոշակ ստացող 10-ը արժանի ուսանողներ, տարբեր գաղութներէ ժամանած, արդեն իսկ աւարտեցին Հայաստանի Հեմմոլոգիական Ակադեմիայի ադամանդագիտութեան ընթացքը: Մենք համոզուած ենք, որ սոյն նախաձեռնութիւնը գործնական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Գանատա հաստատուած սուրիահայ գաղթականներուն: AJF-ը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր բոլոր հովանաւորներուն, ի մասնաւորի Պըրքս Ընտանեկան Հիմնադրամին, այս նոր ծրագրին աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար» յայտնեց AJF-ի խորհուրդի նախագահ պարոն Փիէր Աքքէլեանը:
Հայ Ոսկերիչներու Հիմնադրամը հիմնուած է 2013-ին հայկական ոսկերչական ժառանգութիւնը զարգացնելու համար: Կազմակերպութեան առաքելութիւնն է` իրականացնել պատմական հետազօտութիւններ, վաւերագրել մերօրեայ յաջողութիւններու պատմութիւնը եւ նոր սերունդին փոխանցել ոլորտի գիտելիքները: AJF-ի կրթական ծրագիրը նպատակ ունի խթանել ոսկեգործութեան եւ ադամանդագործութեան ոլորտը թէ՛ Հայաստանի և թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Ներկայ ծրագիրը կ՚իրագործուի գանատահայ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեամբ: